ՔԱՐԱՑՈՒՄ

Քարացեր է օդը այս գորշ Կամարակապ երկինքն կապոյտ Մշուշապատ Մռայլ ու լուռ Մահն է գրկած Քարացեր են եւ ծառերը Լռութիւնն ալ  մահացումի շապիկ հագած Ծածկեր է դաշտ, ծածկեր երկինք, ծածկեր երկիր Եւ ամէն ինչ քարացած է․․․ Պահը այս մեղկ քարացումի քարացումով քարացած է Լռութիւնը լռութեան մէջ մահացած է․․․ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մարտ 4, 2024